2016-09-02 08:00:00

Մայր Թերեզայի սրբադասման նախօրեակին` խոկումներ (Գ)։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 4 սեպտեմբերին Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ հանդիսաւոր արարողութեամբ սուրբերու շարքին պիտի դասուի ''աղքատներէն ամէնէն աղքատին'' ծառայ ու գթութեան միաբանութեան հիմնադիր Քալքութայի Մայր Թերեզան։

Այս առթիւ կը ներկայացնենք անոր կեանքի վկայութենէն ու իմաստալից խօսքերէն հատուածներ։

1988-ին Հայաստանը հարուածող հսկայ երկրաշարժէն ետք Մայր Թերեզան ու անոր միաբանակից քոյրերը փութացին Երեւան օգնութիւն մատուցելու աղտեալներուն։ Հայաստան ժամանելուն Մայր Թերեզա իր միաբանակից քոյրերուն ըսած է ''Ինչո՞ւ համար հոս եկած ենք. Եկած ենք աղքատներէն ամէնաաղքատին Քրիստոսի բարի լուրը տալու, մեր խոնարհ ծառայութիւնն ու սէրը նուիրելով եւ այս մէկը` կատարելու ժպիտով''։

Մայր Թերեզան կը սիրեր յաճախ կրկնել ''մենք խողովակի պէս պիտի ըլլանք։ կարեւոր չէ թէ խողովակը ինչէ շինուած է` ոսկիէ, արծաթէ, փլաստիկէ, կարեւորը խցանուած չըլլալն է, այլ բաց'', որպէսզի Աստուած օգտագործէ զայն իր կամքին համաձայն։

Երբ անգամ մը Մայր Թերեզային հարցուցին իր տարիքի մասին ան խորամանկ ժպիտով պատասխանեց ''արտաքինով ութսունմէկ տարեկանի տեսք ունիմ. Բայց ներքնապէս տասնըութ տարեկան եմ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.